2016-08-05 10:26:00

Հաւաք` ազատութեան հրապարակին վրայ


4 օգոստոսին Ազատութեան հրապարակին վրայէն սկսած է ամէնօրեայ հաւաք, որուն նպատակն է ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներուն կիսատ ձգած գործը շարունակել:

Ցուցարարները կը պահանջեն նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ ունին տարբեր պահանջներ: Անոնք կ՛ուզեն ազատ արձակել «Սասնայ ծռեր»-ու անդամները, նոյն խումբի անդամներ Պաւլիկ եւ Արամ Մանուկեանները «Դատապարտեալներու հիւանդանոց»-էն տեղափոխել այլ հիւանդանոց:

Ցուցարարներէն Գայեանէ Գասպարեան յայտարարած է, որ հաւաքի մասնակիցներէն, Հիմնադիր Խորհրդարանի անդամ Յարութիւն Աղլամազեան 3 օգոստոսին բերման ենթարկուած է:

Նշենք, որ ցոյցը մէկուկէս ժամ ուշացումով սկսած էր:

Ցոյցի աւարտէն քանի մը վայրկեան առաջ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է 20 քաղաքացի








All the contents on this site are copyrighted ©.